Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, չորս խմբակներու մէջ, այսօր կը կատարուին 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն վերջնական պատկերը կը յստականայ, մինչ Ե., Զ., Է. եւ Ը. խմբակներուն մէջ վերջին մրցումները կը կատարուին վաղը` չորեքշաբթի, 8 դեկտեմբերին:
Այսօրուան յայտագիրին վրայ են բաւական հետաքրքրական ճակատումներ:
Լիվըրփուլ Միլանոյի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ա. Սէ. Միլանին, մինչ Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Իտալիոյ ախոյեան Ինթեր Միլանը:
Նշենք, որ մատրիտեան կազմէն պիտի բացակայի ֆրանսացի յառաջապահ` Քարիմ Պենզեմա, որ նախորդ շաբաթավերջին վնասուածք ստացաւ:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հետաքրքրական կը խոստանան ըլլալ նաեւ Լայփցիկ-Մանչեսթըր Սիթի եւ Փորթօ-Աթլեթիքօ Մատրիտ հանդիպումները: