Երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի գօտիի, ՖԻՖԱ-ի 2024-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քոսովոն, Պուլկարիան եւ Սկովտիան:
Զտումի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 4-13 ապրիլ 2022-ին` Պուլկարիոյ մէջ: