Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ այսօր` երեքշաբթի, 7 դեկտեմբերին, կը սկսի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Անիկա իր աւարտին կը հասնի 17 դեկտեմբերին:
Ստորեւ` այս ախոյեանութեան մասնակցող հայրենի հաւաքականը, որուն անուանացանկը հրապարակուեցաւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին կողմէ.
Ռաֆիկ Յարութիւնեան (81 քկ), Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ), Յակոբ Մկրտչեան, Դաւիթ Յովհանիսեան (96 քկ), Սամուէլ Գասպարեան, Արսէն Մարտիրոսեան (102 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան (109 քկ), Վարազդատ Լալայեան եւ Գոռ Մինասեան (109 քկ եւ վեր):