Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ-Շանվիլ մրցումը:
Անոնց միջեւ այս հանդիպումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 80-77 արդիւնքով (27-14, 20-21, 14-26 եւ 19-16):
Ժան-Մարք Ժարրուժ նշանակեց Անդրանիկի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը (22), մինչ Շանվիլէն Օմար Ժամալէտտին նշանակեց 21 կէտ:
Անդրանիկ, որ ցարդ կրած է երեք պարտութիւն, արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, մինչ երեք յաղթանակ արձանագրած Շանվիլ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը: