26-28 դեկտեմբերին Ղազախստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ կայծակնային ախոյեանութիւնը (29-30 դեկտեմբեր):
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ունենայ 11 ներկայացուցիչ:
Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Հայկ Մարտիրոսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Տիգրան Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Էլինա Դանիէլեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Մարիա Գէորգեան:
Նշենք, որ աշխարհի այս ախոյեանութեան մրցանակային ընդհանուր ֆոնտը կը կազմէ մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար: