Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովանի հետ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է երեք տարիով` 1 յունուար 2022-էն մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2024:
Իր պայմանագրութիւնը ստորագրելէն ետք, Բարսեղեան յոյս յայտնեց, որ անպայման յաջողութիւններու կը հասնի իր նոր ակումբին հետ: