Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր Հայաստանի ներկայացուցիչը Ալաշկերտ կ՛աւարտէ իր ելոյթները, երբ կը մրցի Մաքապի Թել Աւիւի դէմ (Իսրայէլ):
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ հայրենի կազմը ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն բոլորին ալ պարտութիւն կրած է:



