Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 10-րդ ճակատումին, երէկ աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն եւ ռուս Եան Նեփոմնիաչի իրարու հետ հաւասարութիւն արձանագրեցին 41-րդ շարժումին:
Քարլսըն կը մրցէր ճերմակ քարերով:
Այս հաւասարութիւնը անոնց միջեւ 7-րդն էր:
Այս հանգրուանէն ետք այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ ի նպաստ Քարլսընի` 6,5-3,5 արդիւնքով: