Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ 16-19 դեկտեմբերին Երեւանի Տինամօ մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի միջազգային խմբային երկսեռ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ Հայաստանի, Իրանի, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հաւաքականներուն:
Հայաստան եւ Ուքրանիա մրցաշարքին կը մասնակցին երկու խումբով:
Նշուեցաւ, որ տեղի պիտի ունենան 13 դասակարգերու մրցումներ:
Հայաստանի հաւաքականին մարզչական կազմը այս մրցաշարքին առիթ պիտի տայ նորեկներու, ինչպէս նաեւ Բ. խումբէն մարզիկներու: