Մարզական

Սիթի Եօթը Կոլ Զետեղեց  Լիծի Բերդին Մէջ

Սիթի Եօթը Կոլ Զետեղեց Լիծի Բերդին Մէջ

Անգլիոյ Փրեմիերշիփի ախոյեանութեան գծով Մանչեսթըր Սիթի եօթը անպատասխան գնդակ զետեղեց Լիծ Եունայթըտի բերդին մէջ: Քեւին Տը Պրիւն` 2, Ֆիլ Ֆոտեն, Ճեք Կրիլիշ, Ռիատ Մահրեզ, Ճոն Սթոնզ, Նաթան Աքէ նշանակեցին «Սիթիզընս»- ներուն կոլերը: Նորուիչ Սիթի սեփական դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ասթոն Վիլայէն:

Արագ Եւ Կայծակնային Ճատրակի Աշխարհի  Ախոյեանութիւնները` Վարշաւայի Մէջ

Արագ Եւ Կայծակնային Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութիւնները` Վարշաւայի Մէջ

Ճատրակի համաշխարհային ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ արագ եւ կայծակնային կարգի աշխարհի ախոյեանութեանց մրցումները պիտի կայանան Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ: Նախապէս որոշուած էր, որ Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանը կազմակերպէր ախոյեանութիւնները: Փոփոխութեան պատճառը ասիական երկրին մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրի նոր հոսանքն է: Վերոյիշեալ զոյգ ախոյեանութիւններուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն տասնմէկ «գրոսմայսթըր»-ներ` Հայկ Մարտիրոսեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, Մանուէլ Պետրոսեանը, Շանթ Սարգսեանը, Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, Տիգրան Պետրոսեանը, Սամուէլ...

Ծանրաբարձ Յակոբ Մկրտչեան Գրաւեց  Աշխարհի Առաջնութեան 8-րդ Դիրքը

Ծանրաբարձ Յակոբ Մկրտչեան Գրաւեց Աշխարհի Առաջնութեան 8-րդ Դիրքը

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Յակոբ Մկրտչեան գրաւեց աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ դիրքը: Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ կայացող աշխարհի ախոյեանութեան 96 քկ կարգի պոկում վարժութեան մրցումներուն, Յակոբ Մկրտչեան բարձրացուց 163 քկ: Ինչ կը վերաբերի հրում վարժութեան մրցումներուն, ան բարձրացուց 207 քկ եւ գրաւեց 8-րդ դիրքը: Այսօր` 15 դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան 102 քկ ծանրութեան կարգի մրցումները, ուր Սամուէլ Գասպարեանը եւ Արսէն Մարտիրոսեանը...

Բռնցքամարտի Միջազգային  Ֆետերասիոնը Նոր Անուն Ունեցաւ

Բռնցքամարտի Միջազգային Ֆետերասիոնը Նոր Անուն Ունեցաւ

Բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնը IBA պիտի կոչուի այսուհետեւ: Նախապէս AIBA կը կոչուէր: Սոյն որոշումը ընդունուեցաւ բռնցքամարտի ֆետերասիոնին արտահերթ նիստին ընթացքին, որուն մասնակցեցան 107 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Ֆետերասիոնը նաեւ որոշեց ամէնամեայ դարձնել իր ընդհանուր նիստերը, փտածութեան դէմ պայքարի անկախ մարմին մը ստեղծել եւ 18-ի նուազեցնել գործադիր անդամներուն թիւը:    

Փարիզի Ողիմպիական Խաղերուն Բացումը  Սեն Գետին Վրայ Պիտի Կատարուի

Փարիզի Ողիմպիական Խաղերուն Բացումը Սեն Գետին Վրայ Պիտի Կատարուի

Փարիզի 2024 թուականի Ողիմպիական խաղերուն բացումը Սեն գետին վրայ պիտի կատարուի: «Լը Ֆիկարօ» թերթին համաձայն, բացման արարողութեան պիտի մասնակցին 600 հազար մարզասէրներ: Մասնակցող խումբերը յատուկ նաւերով պիտի թիավարեն գետին երկարութեան: Բացման արարողութիւնը ուղիղ հեռարձակումով պիտի դիտէ մէկ միլիառ մարդ: Փարիզի մէջ նախատեսուած ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերը 26 յուլիսէն 11 օգոստոս 2024-ի միջեւ պիտի կայանան: Փարիզ այն բացառիկ քաղաքներէն է, որ...

«Փրեմիեր Լիկ»-ի Ակումբները Խիստ Քայլեր  Կ’առնեն «Քորոնա» Ժահրին Դէմ

«Փրեմիեր Լիկ»-ի Ակումբները Խիստ Քայլեր Կ’առնեն «Քորոնա» Ժահրին Դէմ

«Քորոնա» ժահրը սարսափի մատնած է Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ակումբները: Արդարեւ, Թոթենհամ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պրայթըն, Պրենթֆորտ, Լեսթըր Սիթի, Ասթոն Վիլա եւ Նորուիչ Սիթի առանց անուններ յիշատակելու պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերած են կարգ մը մարզիկներու մօտ: Այս կացութիւնը Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մղած է անորոշ թուականով յետաձգելու կարգ մը մրցումներ: «Փրեմիեր Լիկ»- ի բոլոր ակումբները ներկայիս ամէնօրեայ ստուգումներու կ’ենթարկեն իրենց մարզիկները...

Ռոմա Պարտութեան Մատնեց Սպեցիան

Ռոմա Պարտութեան Մատնեց Սպեցիան

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ փուլի մրցումներուն, Ռոմա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպեցիան: Քրիս Սմոլինկ եւ Ռոճըր Իպանիես նշանակեցին մայրաքաղաքի խումբին կոլերը: Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան մասնակցեցաւ ամբողջ խաղին: Ռոմա ներկայիս «Սերի Ա»-ի ախոյեանութեան դասաւորման 6-րդ դիրքը կը գրաւէ:  

Ծանրորդ Անդրանիկ Կարապետեան` Աշխարհի  Առաջնութեան Ոսկիէ Մետալակիր

Ծանրորդ Անդրանիկ Կարապետեան` Աշխարհի Առաջնութեան Ոսկիէ Մետալակիր

Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ) դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ոսկիէ մետալակիր: Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան մրցումներուն, 89 քիլոկրամ կարգի մրցումներուն, Կարապետեան պոկումի վարժութեան ժամանակ բարձրացուց 175 քկ եւ նուաճեց ոսկիէ մետալ: Սակայն հրումի վարժութեան ընթացքին վնասուածք ստանալով չկրցաւ շարունակել պայքարը: Ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները կը շարունակուին Թաշկենտի մէջ:

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի 1/8-րդ Փուլի Վիճակաձգութիւն`  Փարիզ Սեն Ժերմեն Ընդդէմ Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի 1/8-րդ Փուլի Վիճակաձգութիւն` Փարիզ Սեն Ժերմեն Ընդդէմ Ռէալ Մատրիտ

Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի 1/8-րդ փուլի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. ԵՈՒ. Ի. ԷՖ. ԷՅ.»-Ի «ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»-Ի 1/8-ՐԴ ՓՈՒԼ Սփորթինկ Լիզպոն - Մանչեսթըր Սիթի Պենֆիքա - Այաքս Ամսթերտամ Չելսի - Լիլ Աթլեթիքօ Մատրիտ - Մանչեսթըր Եունայթըտ Վիլարէալ - Եուվենթուս Ինթեր Միլան - Լիվըրփուլ Փարիզ Սեն Ժերմեն - Ռէալ Մատրիտ Երթի հանդիպումները...

Հայաստանէն Երկու Մասնակից` Ապու Տապիի  Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանէն Երկու Մասնակից` Ապու Տապիի Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանը ներկայացնող երկու «քրոսմայսթըր» կը մասնակցին Ապու Տապիի մէջ կայացող ճատրակի միջազգային «Մասթըրզ» մրցաշարքին: Երրորդ փուլի մրցումներէն ետք Տիգրան Յարութիւնեան կը գրաւէ վեցերորդ դիրքը: Մեր երկրորդ ներկայացուցիչը` Շանթ Սարգսեան` 17-րդ: Ինը փուլերէ բաղկացած Ապու Տապիի միջազգային մրցաշարքը կ՛աւարտի այսօր` 14 դեկտեմբերին:

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան  Ձմեռնային Փուլը Աւարտեցաւ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Ձմեռնային Փուլը Աւարտեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ձմեռնային փուլը աւարտեցաւ: Ախոյեանութեան յառաջատարը Արարատ-Արմենիան է: Ան հաւաքած է 40 կէտ: Երկրորդ դիրքը 32 կէտով կը գրաւէ Փիւնիկը: Արարատ երրորդ դիրքը կը գրաւէ: Վան, Նորավանք եւ ԲԿՄԱ համապատասխանաբար կը զբաղեցնեն ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքերը: Ախոյեանութիւնը պիտի վերսկսի փետրուարին:  

Միլանի Զոյգ Ակումբները  Հետաքրքրուած Են Մխիթարեանով

Միլանի Զոյգ Ակումբները Հետաքրքրուած Են Մխիթարեանով

Իտալական «Քալչիօ Մերքաթ» լրատուականին համաձայն, Միլան քաղաքի հսկաներ Ինթեր Միլան եւ Ա. Սէ Միլան հետաքրքրուած են Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեանի ծառայութիւններով: Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը Իտալիոյ մայրաքաղաքի ակումբին հետ մայիսին կ՛աւարտի: Ժոզէ Մորինիօ Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնը ստանձնելէ ետք Մխիթարեանի ելոյթները կրճատուեցան Ռոմայի շապիկով: Բացառուած է, որ ան յունուար ամսուան «Ձմեռնային» փոխանցումներուն ընթացքին հեռանայ Ռոմայէն: Ռուսական երեք խումբեր`...

Պատանեկան Ողիմպիական Յաջորդ  Խաղերը` Հարաւային Քորէայի Մէջ

Պատանեկան Ողիմպիական Յաջորդ Խաղերը` Հարաւային Քորէայի Մէջ

Միջազգային Ողիմպիական խաղերու խորհուրդը հաստատեց ձմեռնային պատանեկան չորրորդ Ողիմպիական խաղերուն թուականը եւ վայրը: Արդարեւ, ձմեռնային չորրորդ Ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 19 յունուարէն 1 փետրուար 2024-ին, Հարաւային Քորէայի մէջ: Նախորդ ձմեռնային պատանեկան Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ, 2020-ին:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կը Պահանջէ Յետաձգել  Պրենթֆորտի Դէմ Հանդիպումը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կը Պահանջէ Յետաձգել Պրենթֆորտի Դէմ Հանդիպումը

Այսօր, վաղը եւ հինգշաբթի, 16 դեկտեմբերին կարեւոր հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան գծով: Մանչեսթըր Եունայթըտի խումբին պատասխանատուները կը խնդրեն յետաձգել այսօր` երեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին Պրենթֆորտի դէմ նախատեսուած հանդիպումը` զոյգ խումբերէն կարեւոր թիւով մարզիկներու «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու պատճառով: Թերթը մինչեւ մամուլի յանձնելը սոյն մրցումին ճակատագիրը կը մնար անորոշ: Ստորեւ Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան եռօրեայ մրցումներուն յայտագիրը....

Այսօր Պիտի Կատարուի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի  1/8-րդ Փուլի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Այսօր Պիտի Կատարուի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի 1/8-րդ Փուլի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Այսօր` երկուշաբթի, պիտի կատարուի ֆութպոլի եւրոպական ակումբներու «Չեմփիընզ լիկ» մրցաշարքին 1/8-րդ փուլի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: 1/8-րդ փուլ հասած են Մանչեսթըր Սիթին, Փարիզ Սէն Ժերմենը, Լիվըրփուլը, Աթլեթիքօ Մատրիտը, Այաքս Ամսթերտամը, Սփորթինկ Լիզպոնը, Ռէալ Մատրիտը, Ինթեր Միլանը, Պայերն Միւնիխը, Պենֆիքան, Մանչեսթըր Եունայթըտը, Լիլը, Սալզպուրկը, Եուվենթուսը, Չելսին եւ Վիարէալը:

2021 Տարեշրջանի Հայաստանի Տասը Լաւագոյն  Մարզիկներուն Ընտրութիւնը` 21  Դեկտեմբերին

2021 Տարեշրջանի Հայաստանի Տասը Լաւագոյն Մարզիկներուն Ընտրութիւնը` 21 Դեկտեմբերին

Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան յայտարարեց, որ «Տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներ» մրցումը 21 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ: Մրցումին մէջ ներառուած պիտի ըլլայ «Հանդիսատեսի համակրանք» կարգը, ուր  հանդիսատեսը նախարարութեան` www.escs.am պաշտօնական կայքը այցելելով, մրցումին մասնակցող մարզիկներուն ազգանուններուն այբբենական կարգով դասաւորուած անուանացանկին վրայ ազատ պիտի ըլլայ ընտրելու իր նախասիրած մարզիկը:  

Բռնցքամարտի Միջազգային  Մրցաշարք` Երեւանի Մէջ

Բռնցքամարտի Միջազգային Մրցաշարք` Երեւանի Մէջ

Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնին նախաձեռնութեամբ միջազգային մրցաշարք մը  տեղի պիտի ունենայ 16 դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ: Մրցաշարքին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Ուքրանիոյ, Իրանի եւ Վրաստանի հաւաքականները: Հայաստան եւ Ուքրանիա պիտի մասնակցին երկու կազմերով: Նշենք, թէ ռինկ պիտի բարձրանան նաեւ իգական սեռի ներկայացուցիչներ:  

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Սիթի, Լիվըրփուլ, Չելսի, Պայերն  Եւ Ռէալ Կը Շարունակեն Յաղթարշաւը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի, Լիվըրփուլ, Չելսի, Պայերն Եւ Ռէալ Կը Շարունակեն Յաղթարշաւը

Շաբաթավերջին Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ընդհանուր դասաւորման գլխաւոր երեք դիրքերը գրաւող խումբերը տօնեցին յաղթանակ: Ուշագրաւ էր, որ յաղթանակները երեքին ալ պարագային, վիճելի փենալթի հարուածներու շնորհիւ արձանագրուեցան: Մանչեսթըր Սիթի շնորհիւ Ռահիմ Սթերլինկի  նշանակած 100-րդ կոլին նուազագոյն` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վուլվզի դէմ: Փեփ Կուարտիոլայի կազմը ներկայիս մէկ կէտի առաւելութիւն մը կը վայելէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող Լիվըրփուլին նկատմամբ: «Կարմիրներ»-ը Էնֆիլտ...

Մաքս Վերսթափեն Պարտութեան Մատնեց  Լուիս Համիլթընը Եւ Շահեցաւ «Ֆորմիւլա-1»  Ինքնաշարժներու Աշխարհի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Մաքս Վերսթափեն Պարտութեան Մատնեց Լուիս Համիլթընը Եւ Շահեցաւ «Ֆորմիւլա-1» Ինքնաշարժներու Աշխարհի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Լուիս Հեմիլթընի (Մերսետէս) եւ Մաքս Վերսթափենի (Ռետ Պուլ) միջեւ ընթացիկ տարուան «Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարը աւարտեցաւ Պելճիքա ծնած, պելճիքական եւ հոլանտական կրկնակի քաղաքացիութիւն վայելող Վերսթափենի  յաղթանակով, երբ վերջինս վիճայարոյց դէպքերով հարուստ եղանակի մը աւարտին շահեցաւ Ապու Տապիի կրան փրին: Կիրակի օրուան կրան փրիին  առաջին իսկ  ազդանշանէն սուր պայքար մը ծաւալեցաւ երկու վարորդներուն միջեւ: Վերսթափեն միայն վերջին պտոյտին  յաջողեցաւ...

Page 438 of 1280 1 … 437 438 439 … 1,280

Արխիւներ