Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Իտալիա` հոն կատարելու համար տասը օրուան յատուկ բանակավայր մը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Իկեթ Ֆախրի, մինչ մարզիկներն են` Սաշա Ժահժահ եւ Ժորժ Իպրահիմ:
Նշենք, որ Լիբանանի դահուկարշաւի 2021-2022 տարեշրջանը կը սկսի շուտով: