Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Սաժես Պէյրութ, որ Զահլէի մէջ հիւրը եղաւ Անիպալ Զահլէին, արձանագրեց 88-41 արդիւնքով յաղթանակ մը (13-24, 5-20, 8-22 եւ 15-22):
Ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն պարտութիւն մը միայն կրած Սաժես այսպիսով արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը, մինչ պեքաայեան կազմը կրեց իր վեցերորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քրիսթոֆ Խալիլ (15 կէտ, 17 ռիպաունտ):