Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան երէկ կատարեց խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր 6-րդ եւ վերջին մրցումը, երբ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մաքապի Թել Աւիւը (Իսրայէլ):
Հայրենի կազմը, որ իր կատարած նախորդ հինգ մրցումներուն բոլորին ալ պարտութիւն կրած էր, իր ելոյթները աւարտեց կէտով մը, երբ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին հետ:
Մրցումին 78-րդ վայրկեանին, մոնթենեկրոցի Տեժան Պոլիեւիչ նշանակեց հայկական կազմին կոլը, մինչ մրցումին աւարտէն վայրկեան մը առաջ հիւր կազմը նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը: