Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 9-րդ մրցումին, երէկ, աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ կը մրցէր սեւ քարերով, յաղթանակ մը արձանագրեց իր ռուս մրցակիցին` Եան Նեփոմնիաչիի դէմ:
Ան իր յաղթանակը արձանագրեց 39-րդ շարժումին:
Այսպիսով, Քարլսըն, որ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, այժմ ունի 6 կէտ, մինչ Նեփոմնիաչի` 3 կէտ:
Ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ 14 դասական մրցումէ:



