Երէկ տեղի ունեցաւ «ԵՒՐՕ-2022»-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Փորթուգալը, Անգլիան եւ Իրլանտան:
Մրցումները թէեւ տեղի պիտի ունենան 2022-ի գարնան, սակայն ցարդ անոնց կայացման վայրը չէ որոշուած:
Իսկ 2023-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստան, որ մաս կազմեց ԺԲ. Խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Գերմանիան, Սլովաքիան եւ Պիելոռուսիան: