Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի կազմը երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 93-63 արդիւնքով (23-22,
7-22, 16-26 եւ 17-23):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլիօ Սաատ (15), մինչ անոր խմբակից Քարիմ Ժատայել` 11 կէտ:
Իսկ Ռիատիէն 22 կէտ նշանակեց Ժան Ապտել Նուր, մինչ Մարք Խուրի` 17 կէտ:
Մինչ ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր հինգերորդ յաջորդական պարտութիւնը, անդին Ռիատի, որ կրած է երկու պարտութիւն, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:



