Վերջին շրջանին իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը միջազգային պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ նոր հրապարակուած դասաւորման մէջ կարեւոր ոստում մը արձանագրեց:
Աղջկանց կազմը, որ նախապէս կը գրաւէր 53-րդ դիրքը, բարձրացաւ 48-րդ դիրք:
Ասիական դասաւորման մէջ Լիբանան կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ, իսկ արաբական դասաւորման մէջ` առաջին դիրքին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը հանդիսացաւ Ասիոյ ախոյեան եւ բարձրացաւ Ա. դասակարգ: