Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արսէն Զախարեան, ճանչցուեցաւ Ռուսիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2021 տարուան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը:
18 տարեկան Զախարեան արժանացաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ մանկական ֆութպոլի լիկային «Առաջին հնգեակ» մրցանակի տիտղոսին:
Ան ապահովեց 445 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցները` 312 եւ 238 կէտ:
Այս տարուան ընթացքին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 27 մրցումի` նշանակելով 7 կոլ եւ կատարելով 11 էսիսթ: