Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Ժամիհա Ալամիէ-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ նախորդ տարեշրջանին Գ. դասակարգէն բարձրացաւ Բ. դասակարգ:
Կ՛ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ-ի կազմը, այս տարեշրջանին եւս իր արձանագրելիք յաղթանակներուն շնորհիւ, ամէն ճիգ ի գործ դնելով բարձրանայ Ա. դասակարգ: