Քաթալոնական Պարսելոնայի 2021-2022 տարեշրջանին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին արձանագրած արդիւնքները եղան բաւական ձախող` նկատի ունենալով, որ անիկա 20 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով չկրցաւ ապահովել փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, անիկա գրաւելով դասաւորման երրորդ դիրքը, դուրս մնաց անկէ եւ այժմ պիտի մասնակցի «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցաշարքին:
Անիկա վերջին անգամ 2003-2004 տարեշրջանին էր, որ չէր կրցած ապահովել 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
Նախանցեալ օր Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, անիկա 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Պայէրն Միւնիխէն, 8 կէտով գրաւեց Ե. խմբակին երրորդ դիրքը: