Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ա. Սէ. Միլանին, արձանագրեց իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը:
Այսպիսով, Լիվըրփուլ հանդիսացաւ պատմութեան առաջին անգլիական ակումբը, որ խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումներուն կ՛արձանագրէ վեց յաղթանակ:
Այս ձեռքբերումը անկարելի է գերազանցել, այլ` պարզապէս կարելի է կրկնել:
Այստեղ նշենք, որ իր կրած այս պարտութենէն ետք, իտալական կազմը այսպիսով դուրս մնաց եւրոպական մրցաշարքերէն: