Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող խումբերէն Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան յաջորդաբար երրորդ ամիսն ըլլալով ընտրուեցաւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիչ:
Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ախոյեանութեան մրցումներուն ան իր կազմին հետ արձանագրեց չորս յաղթանակ:
Իսկ նոյեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ Փիւնիկի վենեզուելլացի 25 տարեկան յառաջապահ Խոսէ Քարապալիօ:
Ցարդ իր կատարած 14 մրցումներէն Փիւնիկ ապահոված է 32 կէտ եւ կը գտնուի դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ` 8 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ Արմենիայէն, որ կատարած է 15 մրցում:



