Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 48-28

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 48-28

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 26 յունուարին տեղի ունեցաւ Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ առաջին մրցումը: Չեմփս Հազմիէի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 48-28 արդիւնքով (11-7, 19-4, 5-9 եւ 13-8): Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 28 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան»...

Եաննոս Գույումճեան Միակ Կիպրացին, Որ Կիպրոսը Պիտի Ներկայացնէ 2022-Ի Ձմեռնային Ողիմպիականին

Եաննոս Գույումճեան Միակ Կիպրացին, Որ Կիպրոսը Պիտի Ներկայացնէ 2022-Ի Ձմեռնային Ողիմպիականին

Կիպրոսի Ողիմպիական յանձնախումբը երէկ յայտարարեց, որ կիպրահայ դահուկարշաւի մարզիկ Եաննոս Գույումճեան Կիպրոսի միակ մարզիկը պիտի ըլլայ, որ պիտի ներկայացնէ կղզին, Փեքինի 2022-ի Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան 4-էն 20 փետրուար: Ողիմպիական պալատին մէջ` Կիպրոսի Ողիմպիական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Կիպրոսի մէջ Չինաստանի դեսպան Լիու Եանթաօ Գույումճեանին բարի յաջողութիւն մաղթեց: Եաննոս Գույումճեան պիտի մրցի կիրակի, 13  փետրուարին եւ...

Ա. Էս. Ռոմա Պիտի Չերկարաձգէ Մխիթարեանի Պայմանագրութիւնը

Ա. Էս. Ռոմա Պիտի Չերկարաձգէ Մխիթարեանի Պայմանագրութիւնը

«Լա Ռեփուպլիքա» յայտնեց, որ իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը պիտի չերկարաձգէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը: Ա. Էս. Ռոմայի հետ Մխիթարեանի պայմանագրութեան աւարտէն ետք, հայրենի ֆութպոլիստը պիտի դառնայ ազատ ֆութպոլիստ` միանալով իր նախասիրած կազմին: Նշենք, որ ան սեպտեմբեր 2019-էն ի վեր մաս կը կազմէ հռոմեան կազմին: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, այդ որոշումին պատճառն է Մխիթարեանի բարձր...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Մետվետեւ Եւ Ցիցիփաս Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Մետվետեւ Եւ Ցիցիփաս Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տղոց քառորդ աւարտականի վերջին երկու ճակատումները: Աշխարհի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ շուրջ հինգ ժամ տեւած պայքարէ մը ետք (4 ժամ եւ 42 վայրկեան) յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-7, 3-6, 7-6, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով քանատացի Ֆելիքս Օժէ-Ալիասիմէն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Աթլաս Ֆըրզոլ – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Աթլաս Ֆըրզոլ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, տեղի պիտի ունենայ Աթլաս Ֆըրզոլ - ՀՄԸՄ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անտոնեան վարժարանի դաշտին վրայ (Պաապտա), պիտի սկսի ժամը 19:30-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի այսօր ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել` բարելաւելու համար իրենց դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ: Նշենք, որ մինչեւ կիրակի, 30 յունուար, կ՛աւարտին այս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Չեմփս – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Չեմփս – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, տեղի պիտի ունենայ Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ առաջին մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Չեմփս Հազմիէի դաշտին վրայ: Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 28 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, իսկ...

Հայաստանի 10 Լաւագոյն Մարզիկները  Ստացան Իրենց Նիւթական Պարգեւները

Հայաստանի 10 Լաւագոյն Մարզիկները Ստացան Իրենց Նիւթական Պարգեւները

Ինչպէս ծանօթ է, 21 դեկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր Հայաստանի տարուան լաւագոյն մարզիկներուն տասնեակին քուէարկութիւնը: Սկզբունքով անոնք պիտի ստանային 5 միլիոն դրամի նիւթական պարգեւներ, սակայն երէկ անոնցմէ իւրաքանչիւրին տրուեցաւ 3 միլիոն 911 հազար դրամ: Այս փոփոխութիւնը կատարուեցաւ` նկատի ունենալով, որ 731 հազար դրամը նախարարութեան պահանջով յանձնուեցաւ տարբեր հաւաքականներու մարզիչներուն: Նշենք, որ 2021 տարուան Հայաստանի...

Էտկար Թորոսեան` Արարատի Գլխաւոր Մարզիչ

Էտկար Թորոսեան` Արարատի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 36 տարեկան Էտկար Թորոսեան նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ: Ան 2021-ին գլխաւորած է Արարատ-2-ը: Ան 2017-ին մաս կազմած է Արարատի մարզչական խումբին, երբ այդ օրերուն ակումբին գլխաւոր մարզիչն էր Արկադի Անդրէասեան: Թորոսեանի մարզչական խմբակին մէջ ընդգրկուած են Արարատի նախկին ֆութպոլիստներ Ռաֆայէլ Սաֆարեան եւ Ալեքսանտր Պետրոսեան: Իսկ բերդապահներու մարզիչ...

Փիւնիկ Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Ուրալի Դէմ

Փիւնիկ Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Ուրալի Դէմ

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Փիւնիկ Երեւան ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Շարժայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` պատրաստուելու համար ախոյեանութեան երկրորդ շրջանին, որ պիտի սկսի յառաջիկայ ամիս: Ուսումնամարզական այս հաւաքին զուգահեռ, երեւանեան կազմը պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ ալ, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր: Հայկական կազմին առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Եքաթերինպուրկի Ուրալը (Ռուսիա): Այս...

Գեղամ Կադիմեան Վերադարձաւ Իր Նախկին Ակումբը

Գեղամ Կադիմեան Վերադարձաւ Իր Նախկին Ակումբը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Գեղամ Կադիմեան նախորդ շաբաթավերջին ունեցաւ իր նոր ակումբը: Նշուեցաւ, որ հայրենի յառաջապահը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Նեմանի հետ (Պիելոռուսիա), որուն հետ ելոյթ ունեցած է 2020-2021 տարեշրջանին, այս գծով յայտնեց Նեմանի պաշտօնական կայքը: Կադիմեանի վերջին ակումբը ղազախական Քայրաթն էր, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ տարուան աւարտին:  

Էնթընի Մարթիալ Կը Հեռանայ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Էնթընի Մարթիալ Կը Հեռանայ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, սպանական Սեւիլլա ֆութպոլի ակումբը համաձայնութեան եկած է Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ` անկէ փոխ առնելու համար ֆրանսացի յառաջապահ Էնթընի Մարթիալին: Նշուեցաւ, որ պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Սեւիլլա ինք պիտի վճարէ 26 տարեկան ֆութպոլիստին աշխատավարձը: Ֆրանսացիով հետաքրքրուած էին նաեւ Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Եուվենթուս: Ան 2015-ին Մոնաքոյէն միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին` փոխան 60 միլիոն եւրոյի:

Սիմոնէ Ինցակի Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Սիմոնէ Ինցակի Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 45 տարեկան իտալացի մասնագէտին առողջական վիճակին մասին այլ մանրամասնութիւններ չտրուեցան, բայց եւ այնպէս ան բնականաբար պիտի ինքնամեկուսացուի: Անոր կազմը իր յաջորդ մրցումը Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով պիտի կատարէ 5 փետրուարին, երբ 24-րդ հանգրուանին գծով հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը, միլանեան քաղաքի տերպիի...

Պալոթելլի Հրաւիրուեցաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Պալոթելլի Հրաւիրուեցաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Շաբաթասկիզբին Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի հրապարակեց իր կազմը, որ այս ամսուան ընթացքին պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը: Մանչինիի կողմէ նկատի առնուեցաւ նաեւ 31 տարեկան յառաջապահ` Մարիօ Պալոթելլի, որ մաս կը կազմէ թրքական Ատանա Տեմիրսփորի: Նշենք, որ Պալոթելլի վերջին անգամ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած էր 2018-ին:

Ալեքսանտր Քոլարով Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Ինթեր Միլանի Հետ

Ալեքսանտր Քոլարով Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Ինթեր Միլանի Հետ

Սերպ 36 տարեկան յետսապահ Ալեքսանտր Քոլարով նախորդ շաբաթավերջին իր պայմանագրութիւնը խզեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլանի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան շուտով պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը եւ միանայ իտալական ակումբին մարզչական խմբակին: Նշենք, որ ան սեպտեմբեր 2020-ին Ա. Էս. Ռոմայէն տեղափոխուեցաւ Ինթեր Միլան:

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Ռաֆայէլ Նատալ 4 Ժամէն Աւելի Տեւած Պայքարէ Մը Ետք Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ռաֆայէլ Նատալ 4 Ժամէն Աւելի Տեւած Պայքարէ Մը Ետք Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ երէկ քիչ մը դժուարութեամբ յաղթահարեց քառորդ աւարտականի արգելքը: Նատալ, որ մրցեցաւ քանատացի Տենիս Շափովալովի դէմ (14-րդ), 4 ժամէն աւելի տեւած քիչ մը երկար պայքարէ մը ետք ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` արձանագրելով  6-3, 6-4, 4-6, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսաւարտականին Նատալ իր դէմ պիտի ունենայ 7-րդ դասուած...

Ճատրակ.  Հայաստանի Նորընծայ Ախոյեանները Պարգեւատրուեցան

Ճատրակ. Հայաստանի Նորընծայ Ախոյեանները Պարգեւատրուեցան

Երէկ` երկուշաբթի, 24 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսակիրներուն պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Անոր ներկայ գտնուողներուն կարգին եղան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր-նախագահ Սմբատ Լպուտեան եւ ուրիշներ: Ինչպէս ծանօթ է, 2022 տարուան Հայաստանի տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Մանուէլ Պետրոսեան, իսկ աղջկանց ախոյեան` 17 տարեկան...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արթուր Ղասաբօղլեան Միացաւ Ուրարտուի Մարզչական Խմբակին

Հայկական Ֆութպոլ. Արթուր Ղասաբօղլեան Միացաւ Ուրարտուի Մարզչական Խմբակին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Ուրարտուի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 39 տարեկան Արթուր Ղասաբօղլեան միացաւ ակումբին մարզչական խմբակին: 39 տարեկան մասնագէտը երկար ժամանակ աշխատած է Ուրարտուի ակադեմիային տարիքային տարբեր խումբերուն հետ, իսկ վերջերս կը գլխաւորէր Ուրարտու-1-08 խումբը: Ան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ խումբին հետ լաւ արդիւնք արձանագրելու համար:    

Իտալական Ֆութպոլ. Հենրիխ Մխիթարեան` Էսիսթի Հեղինակ

Իտալական Ֆութպոլ. Հենրիխ Մխիթարեան` Էսիսթի Հեղինակ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Էմփոլիին, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց անգլիացի Թեմի Ապրահամ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հռոմեան կազմին հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, գլուխով կատարեց երրորդ կոլին էսիսթը: Մխիթարեան 75-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ:  

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Սերճիօ Ռամոսի Առաջին Կոլը, Լիոնել Մեսսիի Վերադարձը

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Սերճիօ Ռամոսի Առաջին Կոլը, Լիոնել Մեսսիի Վերադարձը

Ֆրանսայի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Լիկ-1»)  22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ մը` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Ռեմը: Նախորդ ամրան ընթացքին փարիզեան կազմին միացած սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նշանակեց տարեշրջանի իր առաջին կոլը իր նոր ակումբին հետ` 62-րդ վայրկեանին: Իտալացի Մարքօ Վերաթթի նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (24-րդ), մինչ վերջինը նշանակեց փորթուգալցի...

Քարիմ Պենզեմայի Բնակարանը Կողոպուտի Ենթարկուեցաւ

Քարիմ Պենզեմայի Բնակարանը Կողոպուտի Ենթարկուեցաւ

  Սպանական Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի բնակարանը, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ, կողոպուտի ենթարկուեցաւ: Այդ միջոցին ան իր ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Էլչէի դէմ մրցումին, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 22-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ: Նշուեցաւ, որ գողերը բնակարան մուտք գործած են տան ետին գտնուող այգիին կողմէ: Վնասներուն...

Page 428 of 1280 1 … 427 428 429 … 1,280

Արխիւներ