Մարզական

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Տանիիլ Մետվետեւ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Տանիիլ Մետվետեւ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Սիմոնա Հալեփ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս թենիսմեն Տանիիլ Մետվետեւ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ Դ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 6-2, 7-6, 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Մաքսիմ Քրեսին: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 3 ժամ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 5-0 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 5-0 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակը

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 23 յունուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, կատարեց տարեշրջանի իր հինգերորդ մրցումը, երբ ճակատեցաւ Զամալեք Շըհիմի դէմ, Մապարրայի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ, որ իր կատարած նախորդ մրցումներուն արձանագրած էր երեք յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը, արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը` 5-0 արդիւնքով (կիսախաղ`...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Լուէյզի` 4-2

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Լուէյզի` 4-2

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 23 յունուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, կատարեց տարեշրջանի իր վեցերորդ մրցումը, երբ Լուէյզիի դաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ) հիւրը եղաւ դաշտին տիրոջ: ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած էր չորս յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, արձանագրեց իր հինգերորդ յաղթանակը` 4-2 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մահմուտ Ռամատան (2 կոլ),...

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի.  Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Սկսաւ Իր Պատրաստութեան

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Սկսաւ Իր Պատրաստութեան

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը սկսաւ իր պատրաստութեան` շուտով տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով (Ասիոյ գօտի) կատարուելիք մրցումներուն: Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանան 27 յունուարին հիւրը պիտի ըլլայ Հարաւային Քորէայի, մինչ 1 փետրուարին պիտի մրցի Իրաքի դէմ (Սայտայի մէջ): Նշենք, որ այս խմբակին պարագլուխի դիրքը 16 կէտով կը գրաւէ Իրան, իսկ անոր ետին երկրորդ դիրքը` Հարաւային Քորէա,...

Ճատրակ.  Մանուէլ Պետրոսեան Հանդիսացաւ Հայաստանի 2022 Տարուան Ախոյեան

Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան Հանդիսացաւ Հայաստանի 2022 Տարուան Ախոյեան

Երէկ` կիրակի, 23 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց 2022 տարուան ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Առաւելագոյն 11 կէտէն 8 կէտ ապահովելով եւ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ոչ մէկ պարտութիւն կրելով` Հայաստանի 2022 տարուան ախոյեան հանդիսացաւ Մանուէլ Պետրոսեան: Տղոց 82-րդ ախոյեանութեան փոխախոյեան հանդիսացաւ Հայկ Մարտիրոսեան (7,5 կէտ), իսկ լաւագոյն...

Կռփամարտ.  Կարէն Ջուխաջեան Հանդիսացաւ «Այ. Պի. Աֆ.» Ինթըր Քոնթինենթալի Ախոյեան

Կռփամարտ. Կարէն Ջուխաջեան Հանդիսացաւ «Այ. Պի. Աֆ.» Ինթըր Քոնթինենթալի Ախոյեան

Ուքրանահայ կիսամիջին քաշային կարգի կռփամարտիկ Կարէն Ջուխաջեան, որ նախորդ շաբաթավերջին յաղթեց անգլիացի Ռայըն Մարթինի, հանդիսացաւ «Այ. Պի. Էֆ.» Ինթըր Քոնթինենթալի ախոյեան: 25 տարեկան Ջուխաջեան իր մրցակիցին յաղթեց նաքաութով, 8-րդ ռաունտին: Անոնց միջեւ այս մրցումը կատարուեցաւ գերմանական Քարլսրուհէ քաղաքին մէջ, «Ֆէյշըր Սփոր Մենէյճմընթ» կռփամարտի երեկոյին ընթացքին: Նշենք, որ Ջուխաջեան իր վերջին մենամարտը կատարած էր նախորդ տարուան յուլիսին` յաղթելով Ռոպերթօ Արիասին (Նիքարակուա):

Լուիս Սուարեզ Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Ասթոն Վիլա

Լուիս Սուարեզ Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Ասթոն Վիլա

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող ուրուկուէյցի 34 տարեկան յառաջապահ Լուիս Սուարեզ կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ասթոն Վիլայի հետ, որուն գլխաւոր մարզիչն է Սթիվըն Ժերար: Անոնք երկուքը իրարու խմբակից եղած են Լիվըրփուլի հետ: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը մատրիտեան կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս: Ան այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ ցարդ կատարած...

Լիբանանեան Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Զամալեք Շըհիմ

Լիբանանեան Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Զամալեք Շըհիմ

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, վաղը` կիրակի, 23 յունուարին կը կատարէ տարեշրջանի իր հինգերորդ մրցումը, երբ կը ճակատի Զամալեք Շըհիմի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Մապարրայի դաշտին վրայ: Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն, ՀՄԸՄ արձանագրած է...

Ֆութսալ.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Լուէյզի

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Լուէյզի

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 23 յունուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը կատարէ տարեշրջանի իր վեցերորդ մրցումը, երբ Լուէյզիի դաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ) հիւրը կ՛ըլլայ դաշտին տիրոջ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է չորս յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Ստորեւ` խումբին...

Հենրիխ Մխիթարեան` 33 Տարեկան

Հենրիխ Մխիթարեան` 33 Տարեկան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ տօնեց իր ծննդեան 33-րդ տարեդարձը: Ան այս առիթով ստացաւ բազմաթիւ շնորհաւորանքներ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը Փիւնիկ Երեւանի հետ սկսած Մխիթարեան մաս կազմած է աւելի քան հինգ ակումբներու: 10 անգամ Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուած Մխիթարեան կը հանդիսանայ Հայաստանի լաւագոյն ռմբաձիգը: Նշենք, որ ան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամեցողութեան դեսպանն...

Արմէն Մելիքբէկեան Եւ Վահրամ Թումանեան Քննարկեցին Ազգային Մարզադաշտի Կառուցման Հարցը

Արմէն Մելիքբէկեան Եւ Վահրամ Թումանեան Քննարկեցին Ազգային Մարզադաշտի Կառուցման Հարցը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանը եւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ` Արմէն Նիկողոսեանը: Նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, ֆետերասիոնը Թումանեանին յանձնեց պաշտօնական հրաւէր մը, որպէսզի ան ներկայ գտնուի տարուան ընթացքին կատարուելիք բոլոր միջոցառումներուն: Քննարկուեցան տարբեր տեսակի հարցեր, որոնցմէ սակայն կարեւորագոյնը եղաւ ազգային մարզադաշտի կառուցման հարցը:...

«Էն. Պի. Էյ. »-ի Մասնագէտ Ռեքս Կալամեան Պաշտօնապէս Պիտի Գլխաւորէ Հայաստանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Հաւաքականը

«Էն. Պի. Էյ. »-ի Մասնագէտ Ռեքս Կալամեան Պաշտօնապէս Պիտի Գլխաւորէ Հայաստանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Հաւաքականը

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ռեքս Կալամեան պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Նշուեցաւ, որ Հայաստանի ֆետերասիոնը բաւական յաջող ձեւով աւարտեց իր բանակցութիւնները` «ԷՆ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի մասնագէտ Կալամեանի հետ: Ներկայիս Տիթրոյիթ Փիսթընզի մարզիչ` Կալամեան, 30 տարուան փորձառութիւն ունի «ԷՆ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մէջ: Հայազգի մասնագէտին գլխաւորութեամբ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ...

Կեանքէն Հեռացաւ Ըմբշամարտի Միջազգային Կարգի Իրաւարար Սամուէլ Յարութիւնեան

Կեանքէն Հեռացաւ Ըմբշամարտի Միջազգային Կարգի Իրաւարար Սամուէլ Յարութիւնեան

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքը կը տեղեկացնէ, որ երէկ 66 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ, ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի մրցաշարքերու նկատի առնուած, միջազգային կարգի անուանի իրաւարար Սամուէլ Յարութիւնեան: Նշուեցաւ, որ անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 23 յունուարին,  Նուբարաշէնի մէջ:  

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Ռաֆայէլ Նատալ Յաղթեց Կարէն Խաչանովին

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ռաֆայէլ Նատալ Յաղթեց Կարէն Խաչանովին

Աւստրալիոյ թենիսի կրանշլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Գ. հանգրուանի մրցումներուն իրարու դէմ ճակատեցան ռուսահայ Կարէն Խաչանով (դասուած` 28-րդ) եւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (6-րդ): Արհեստավարժ իր ասպարէզին ընթացքին 20 կրանշլեմի մրցաշարքերու տիտղոսին տիրացած Նատալ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Խաչանովը` արձանագրելով 6-3, 6-2, 3-6 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 50 վայրկեան: Նշենք, որ...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլ Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Անգլիական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին, լոնտոնեան Արսենալի դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (2-0), Լիվըրփուլ թէեւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, սակայն ատկէ բացի, անիկա յաջողեցաւ մրցանիշ մըն ալ հաստատել: Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմը ցարդ կը հանդիսանայ անգլիական միակ ակումբը, որ այս մրցաշարքի աւարտականին կը մասնակցի 13-րդ անգամ ըլլալով: Լիվըրփուլ, որ այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած է 8 անգամ,...

«Պէյճինկ-2022».  Ողիմպիական Խաղերու Կրակի Փոխանցավազքը Տեղի Պիտի Ունենայ  2-4 Փետրուարին

«Պէյճինկ-2022». Ողիմպիական Խաղերու Կրակի Փոխանցավազքը Տեղի Պիտի Ունենայ 2-4 Փետրուարին

4-20 փետրուարին Պէյճինկի մէջ (Չինաստան) տեղի պիտի ունենան 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը: Երէկ` ուրբաթ, 21 յունուարին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ «Պէյճինկ-2022»-ի  ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն կրակի փոխանցավազքը տեղի պիտի ունենայ 2-4 փետրուարին: Նշուեցաւ, որ այս փոխանցավազքին պիտի մասնակցին շուրջ 50 ջահակիրներ: Այս խաղերուն ջահը Աթէնքէն Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկ բերուեցաւ նախորդ 20 հոկտեմբերին: Այսպիսով, Պէյճինկ կը դառնայ աշխարհի առաջին քաղաքը, որ կը հիւրընկալէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-Սաժես` 71-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-Սաժես` 71-80

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Սաժես մրցումը: Սաժես, որ երթի մրցումին յաղթած էր ՀՄԸՄ-ին, երէկ կրկնեց իր յաղթանակը, այս անգամ` 80-71 արդիւնքով (22-19, 22-17, 13-20 եւ 14-24): Հակառակ անոր որ կիսախաղի դադարին ՀՄԸՄ ունեցաւ 8 կէտի առաւելութիւն մը,...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն.  Մարիամ Մկրտչեան Հանդիսացաւ Հայաստանի Աղջկանց Ախոյեան

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Մարիամ Մկրտչեան Հանդիսացաւ Հայաստանի Աղջկանց Ախոյեան

Երէկ` հինգշաբթի, 20 յունուարին, իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ճատրակի աղջկանց 77-րդ ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան վերջին հանգրուանի մրցումները: Վճռորոշ հանգրուանի նախօրեակին, 6-ական կէտով առաջին եւ երկրորդ դիրքերը կը կիսէին Մարիա Գէորգեան եւ Մարիամ Մկրտչեան: Անոնք երկուքը երէկ մրցեցան իրարու դէմ, եւ սեւ քարերով մրցող Մկրտչեան յաղթանակ արձանագրեց 63-րդ շարժումին: Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ 2021-ի ախոյեան` Սուսաննա Գաբոյեան: Ինչ կը վերաբերի տղոց...

Հայաստանի Ճատրակի Ախոյեանութիւն.  Զաւէն Անդրէասեան Պիտի Չշարունակէ Իր Ելոյթները

Հայաստանի Ճատրակի Ախոյեանութիւն. Զաւէն Անդրէասեան Պիտի Չշարունակէ Իր Ելոյթները

Հայաստանի 2022 տարուան ախոյեանութեան մասնակիցներէն Զաւէն Անդրէասեան պիտի չշարունակէ իր ելոյթները, այս մասին յայտնեց նոյնինքն հայրենի կրանտմասթըրը: Զաւէն Անդրէասեան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: «Դժբախտաբար կու գամ ըսելու, որ պիտի քաշուիմ այս ախոյեանութենէն: Թէեւ ինքզինքս լաւ կը զգամ, սակայն դրական արդիւնք ունենալով, իրաւունք չունիմ ախոյեանութիւնը շարունակել», ըսաւ ան: Ան ախոյեանութեան գծով կատարեց եօթը հանդիպում:

Արմէն Գրիգորեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Արմէն Գրիգորեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Արմէն Գրիգորեան վերընտրուեցաւ Հայաստանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին նախագահ: Արմէն Գրիգորեան այս պաշտօնին վրայ է 1999-էն ի վեր: Նշենք, որ ան 2021-էն ի վեր Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահն է:    

Page 429 of 1280 1 … 428 429 430 … 1,280

Արխիւներ