Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, տեղի պիտի ունենայ Աթլաս Ֆըրզոլ – ՀՄԸՄ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անտոնեան վարժարանի դաշտին վրայ (Պաապտա), պիտի սկսի ժամը 19:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի այսօր ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել` բարելաւելու համար իրենց դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ:
Նշենք, որ մինչեւ կիրակի, 30 յունուար, կ՛աւարտին այս հանգրուանի մրցումները` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ մրցում մը:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ 14-րդ հանգրուանի մրցումները կը յետաձգուին` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը պիտի պատրաստուի Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութեան: