Շաբաթասկիզբին Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի հրապարակեց իր կազմը, որ այս ամսուան ընթացքին պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը:
Մանչինիի կողմէ նկատի առնուեցաւ նաեւ 31 տարեկան յառաջապահ` Մարիօ Պալոթելլի, որ մաս կը կազմէ թրքական Ատանա Տեմիրսփորի:
Նշենք, որ Պալոթելլի վերջին անգամ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած էր 2018-ին: