Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Փիւնիկ Երեւան ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Շարժայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` պատրաստուելու համար ախոյեանութեան երկրորդ շրջանին, որ պիտի սկսի յառաջիկայ ամիս:
Ուսումնամարզական այս հաւաքին զուգահեռ, երեւանեան կազմը պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ ալ, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր:
Հայկական կազմին առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Եքաթերինպուրկի Ուրալը (Ռուսիա):
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի: