Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 26 յունուարին տեղի ունեցաւ Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ առաջին մրցումը:
Չեմփս Հազմիէի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 48-28 արդիւնքով (11-7, 19-4, 5-9 եւ 13-8):
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 28 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, իսկ երրորդ եւ վերջին մրցումը (եթէ անհրաժեշտ ըլլայ), կիրակի, 30 յունուարին, Չեմփս Հազմիէի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, որ երկու կազմերն ալ ապահոված են Ա. դասակարգին իրենց տոմսը:
Սակայն երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի ստանայ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսը:



