Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տղոց քառորդ աւարտականի վերջին երկու ճակատումները:
Աշխարհի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ շուրջ հինգ ժամ տեւած պայքարէ մը ետք (4 ժամ եւ 42 վայրկեան) յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-7, 3-6, 7-6, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով քանատացի Ֆելիքս Օժէ-Ալիասիմէն (դասուած` 9-րդ):
Կիսաւարտականին Մետվետեւ իր դէմ պիտի ունենայ Յունաստանի ներկայացուցիչ Սթեֆանոս Ցիցիփասը (4-րդ), որ երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց իտալացի Եաննիք Սիների դէմ (11-րդ)` 6-3, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով:
Նշենք, որ մրցաշարքը իր աւարտին կը հասնի 30 յունուարին:



