Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 36 տարեկան Էտկար Թորոսեան նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ: Ան 2021-ին գլխաւորած է Արարատ-2-ը:
Ան 2017-ին մաս կազմած է Արարատի մարզչական խումբին, երբ այդ օրերուն ակումբին գլխաւոր մարզիչն էր Արկադի Անդրէասեան:
Թորոսեանի մարզչական խմբակին մէջ ընդգրկուած են Արարատի նախկին ֆութպոլիստներ Ռաֆայէլ Սաֆարեան եւ Ալեքսանտր Պետրոսեան:
Իսկ բերդապահներու մարզիչ նշանակուեցաւ Էդիկ Երիցեան:
Նշենք, որ Թորոսեան 2020-ին ստացած է «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Փրօ» կարգի մարզիչի արտօնագիր: