Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
45 տարեկան իտալացի մասնագէտին առողջական վիճակին մասին այլ մանրամասնութիւններ չտրուեցան, բայց եւ այնպէս ան բնականաբար պիտի ինքնամեկուսացուի:
Անոր կազմը իր յաջորդ մրցումը Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով պիտի կատարէ 5 փետրուարին, երբ 24-րդ հանգրուանին գծով հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը, միլանեան քաղաքի տերպիի մրցումին: