Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Ուրարտուի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 39 տարեկան Արթուր Ղասաբօղլեան միացաւ ակումբին մարզչական խմբակին:
39 տարեկան մասնագէտը երկար ժամանակ աշխատած է Ուրարտուի ակադեմիային տարիքային տարբեր խումբերուն հետ, իսկ վերջերս կը գլխաւորէր Ուրարտու-1-08 խումբը:
Ան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ խումբին հետ լաւ արդիւնք արձանագրելու համար: