Երէկ` երկուշաբթի, 24 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսակիրներուն պարգեւատրման հանդիսութիւնը:
Անոր ներկայ գտնուողներուն կարգին եղան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր-նախագահ Սմբատ Լպուտեան եւ ուրիշներ:
Ինչպէս ծանօթ է, 2022 տարուան Հայաստանի տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Մանուէլ Պետրոսեան, իսկ աղջկանց ախոյեան` 17 տարեկան Մարիամ Մկրտչեան:
Ախոյեանները պարգեւատրուեցան վկայագիրներով եւ նիւթական պարգեւներով:
Այստեղ նշենք, որ Հայաստանի ախոյեանութեան արդիւնքներով կը ձեւաւորուին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ազգային հաւաքականները: