Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ երէկ քիչ մը դժուարութեամբ յաղթահարեց քառորդ աւարտականի արգելքը:
Նատալ, որ մրցեցաւ քանատացի Տենիս Շափովալովի դէմ (14-րդ), 4 ժամէն աւելի տեւած քիչ մը երկար պայքարէ մը ետք ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` արձանագրելով 6-3, 6-4, 4-6, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին Նատալ իր դէմ պիտի ունենայ 7-րդ դասուած իտալացի Մաթէօ Պերրեթթինին, որ երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց ֆրանսացի Կայէլ Մոնֆիսի դէմ (17-րդ)` 6-4, 6-3, 3-6, 3-6 եւ 6-2 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումներուն, կիսաւարտականին իր տոմսը ապահովեց թիւ 1 դասուած աւստրալիացի Էշլէյկ Պարթի, որ 6-2 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 21-րդ դասուած ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլային: