Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, տեղի պիտի ունենայ Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ առաջին մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Չեմփս Հազմիէի դաշտին վրայ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 28 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, իսկ երրորդ եւ վերջին մրցումը (եթէ կարիքը զգացուի), կիրակի, 30 յունուարին, Չեմփս Հազմիէի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Նշենք, որ երկու կազմերն ալ թէեւ ապահոված են Ա. դասակարգի իրենց տոմսը, սակայն երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի ստանայ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսը: