Կիպրոսի Ողիմպիական յանձնախումբը երէկ յայտարարեց, որ կիպրահայ դահուկարշաւի մարզիկ Եաննոս Գույումճեան Կիպրոսի միակ մարզիկը պիտի ըլլայ, որ պիտի ներկայացնէ կղզին, Փեքինի 2022-ի Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան 4-էն 20 փետրուար:
Ողիմպիական պալատին մէջ` Կիպրոսի Ողիմպիական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Կիպրոսի մէջ Չինաստանի դեսպան Լիու Եանթաօ Գույումճեանին բարի յաջողութիւն մաղթեց:
Եաննոս Գույումճեան պիտի մրցի կիրակի, 13 փետրուարին եւ չորեքշաբթի 16 փետրուարին:
Կիպրոսի Ձիւնարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Տինոս Լեֆկարիտիս յայտնեց. «Հպարտ ենք ֆետերասիոնի տարած գործով եւ հպարտ ենք Եաննոս Գույումճեանով»:
Դահուկարշաւի մարզիկը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ իր նպատակն է տալ իր լաւագոյնը: Գույումճեան 25 տարեկան է եւ Նիկոսիոյ Ձիւնարշաւի ակումբի անդամ:
2008-էն ի վեր ան անդամ է Կիպրոսի Դահուկարշաւի ազգային խումբին եւ ձեռք ձգած է բազմաթիւ ախոյեանութիւններ` բոլոր տարիքային մակարդակներուն վրայ: Փեքինի ողիմպիական խաղերուն, Եաննոսը պիտի մասնակցի «Ալպեան Սքի»-ի մարզաձեւին մէջ, «Սլալոմ» եւ «Ճայընթ Սլալոմ» մրցումներուն:
Կ՛արժէ նշել, որ Եաննոս Գույումճեան կը շարունակէ իր ընտանեկան աւանդութիւնը, քանի որ իր մայրը` Լինան, 1980-էն 1984, դահուկարշաւի մրցաշարքերու ընթացքին, քանի մը անգամ ներկայացուցած է Կիպրոսը եւրոպական եւ միջազգային խաղերու, Սարայեւոյի եւ Նիւ Եորքի Լէյք Փլասիտի մէջ:



