Ինչպէս ծանօթ է, 21 դեկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր Հայաստանի տարուան լաւագոյն մարզիկներուն տասնեակին քուէարկութիւնը:
Սկզբունքով անոնք պիտի ստանային 5 միլիոն դրամի նիւթական պարգեւներ, սակայն երէկ անոնցմէ իւրաքանչիւրին տրուեցաւ 3 միլիոն 911 հազար դրամ:
Այս փոփոխութիւնը կատարուեցաւ` նկատի ունենալով, որ 731 հազար դրամը նախարարութեան պահանջով յանձնուեցաւ տարբեր հաւաքականներու մարզիչներուն:
Նշենք, որ 2021 տարուան Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներն են.
Արթուր Ալեքսանեան, Արթուր Դաւթեան, Արսէն Յարութիւնեան, Գոռ Մինասեան, Դաւիթ Չալոյեան, Էլինա Դանիէլեան, Յովհաննէս Բաչքով, Մալխաս Ամոյեան, Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Վարազդատ Լալայեան: