Մարզական

Ալիսոն Պեքըր Առաջին Ֆութպոլիստը, Որուն Ստացած Երկու Կարմիր Քարտերն Ալ Չեղեալ Նկատուեցան` «Վար»-ով

Ալիսոն Պեքըր Առաջին Ֆութպոլիստը, Որուն Ստացած Երկու Կարմիր Քարտերն Ալ Չեղեալ Նկատուեցան` «Վար»-ով

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլի բերդապահ Ալիսոն Պեքըր «ՎԱՐ» համակարգին սկսումէն ետք դարձաւ առաջին ֆութպոլիստը, որուն ստացած երկու կարմիր քարտերը մրցումի մը ընթացքին չեղեալ նկատուեցան` «ՎԱՐ»-ի կրկնապատկերը դիտելէ ետք: Արդարեւ, Էքուատորի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք, Հարաւային Ամերիկայի գօտի), ան 26-րդ վայրկեանին մեծ քառակուսիէն դուրս գալով ոտքով գնդակը հեռացուցած պահուն հարուածեց մրցակից մարզիկին գլխուն: Օրուան...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Փոլ Փոկպային

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Փոլ Փոկպային

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը յառաջիկայ ամրան ընթացքին, պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ Փոլ Փոկպային, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզական օրաթերթը` «Լ՛Էքիփ»-ը: Փարիզեան ակումբը կ՛ուզէ անվճար ձեռք ձգել Փոկպայի ստորագրութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը` մանչեսթըրեան ակումբին հետ, վերջ կը գտնէ այս տարեշրջանի աւարտին: Նշուեցաւ, որ...

Եգիպտացի Սալահ Կրնայ Վերադառնալ Չելսի

Եգիպտացի Սալահ Կրնայ Վերադառնալ Չելսի

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Լիվըրփուլին մաս կազմող եգիպտացի միջազգային յառաջապահ` Մոհամետ Սալահ, որ այժմու իր կազմին հետ մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է, ցարդ իր պայմանագրութիւնը չէ երկարաձգած: Առիթը յարմար գտնելով` լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը այժմէն իսկ կ՛աշխատի վերստին ձեռք ձգելու Սալահի ստորագրութիւնը, որ 2014-2016 ժամանակամիջոցին դարձեալ մաս կազմած է Չելսիին: Վերոնշեալ ժամանակամիջոցէն ետք ան միացաւ իտալական Ա. Էս....

Տիեկօ Քոսթա Կրնայ Վերադառնալ «Լա Լիկա»

Տիեկօ Քոսթա Կրնայ Վերադառնալ «Լա Լիկա»

Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Չելսիի նախկին յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա շատ հաւանաբար մօտ օրէն պայմանագրութիւն մը կնքէ Վալենսիայի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական ակումբը: Նշենք, որ 33 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը հանդիսացաւ Աթլեթիքօ Մինէյրօ, որուն հետ ան Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ: Ան 19 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը:  

Իտալական Երեք Ակումբ Հետաքրքրուած` Քէյլոր Նաւասով

Իտալական Երեք Ակումբ Հետաքրքրուած` Քէյլոր Նաւասով

Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող քոսթառիքացի անուանի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս, ֆութպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզը կրնայ շարունակել Իտալիոյ մէջ: Նշուեցաւ, որ 35 տարեկան բերդապահով հետաքրքրուած են Ա. Էս. Ռոմա, Ա. Սէ. Միլան եւ Եուվենթուս: Նախապէս շշուկներ շրջան կ՛ընէին, որ Նաւաս շատ հաւանաբար տեղափոխուի Անգլիա եւ մաս կազմէ Նիւքասըլի: Նաւաս սեպտեմբեր 2019-ին Ռէալ Մատրիտէն միացաւ փարիզեան ակումբին: Անոր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Չեմփս Հանդիսացաւ Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Չեմփս Հանդիսացաւ Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեան

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Չեմփս: Չեմփս, որ առաջին մրցումին արձանագրած էր 48-28 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, այս անգամ` 47-44 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Եարա Արիտի (14 կէտ, 10 ռիպաունտ), ապա երկրորդ...

ՖԻՖԱ.  Պելճիքա Երեք Տարիէն Աւելի` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

ՖԻՖԱ. Պելճիքա Երեք Տարիէն Աւելի` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Աշխարհի ֆութպոլի միջազգային դասաւորման մէջ Պելճիքա շարունակեց գրաւել ՖԻՖԱ-ի պարագլուխի դիրքը` նկատի ունենալով, որ Պրազիլ չկրցաւ յաղթել Էքուատորին (1-1), Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած մրցումին գծով, որ կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Եթէ պատահէր, որ Պրազիլ յաղթանակ մը արձանագրէր, Պելճիքա պիտի կորսնցնէր առաջին դիրքը: Այսպիսով, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիրը երեք տարիէն աւելի (3 տարի 4 ամիս) մնաց...

2022-ի Մոնտիալ. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի. Արժանթին Եւ Ուրուկուէյ` Յաղթական. Էքուատոր-Պրազիլ` 1-1

2022-ի Մոնտիալ. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի. Արժանթին Եւ Ուրուկուէյ` Յաղթական. Էքուատոր-Պրազիլ` 1-1

Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արժանթին, որ հիւրը եղաւ Չիլիին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անխել Տի Մարիա (9-րդ) եւ Լաութարօ Մարթինես (39-րդ) նշանակեցին Արժանթինի կոլերը: Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Լուիս Սուարեզի նշանակած կոլին շնորհիւ (50-րդ), Ուրուկուէյ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փարակուէյի դաշտէն: Սակայն Պրազիլ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Էքուատորի...

Էնթընի Մարթիալ Փոխ Տրուեցաւ Սեւիլլային

Էնթընի Մարթիալ Փոխ Տրուեցաւ Սեւիլլային

Ինչպէս ակնկալուած էր, այդպէս ալ պատահեցաւ: Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Էնթընի Մարթիալ, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ սպանական Սեւիլլային, այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մարթիալ, որ Լիոնի ֆութպոլի ակադեմիայի սան է, 2013-ի ամրան փոխան 5 միլիոն եւրոյի տեղափոխուեցաւ Մոքանօ, իսկ 2015-ին` Մանչեսթըր Եունայթըտ` փոխան` 60 միլիոն եւրոյի: Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը, ներկայիս կը գնահատուի...

Ռէալ Մատրիտ Իր Կազմին Կրնայ Միացնել 15 Տարեկան Էնտրիքը

Ռէալ Մատրիտ Իր Կազմին Կրնայ Միացնել 15 Տարեկան Էնտրիքը

Սպանական «Մարքա» անուանի մարզական օրաթերթին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Ռէալ Մատրիտ շուտով իր կազմին միացնէ պրազիլական Փալմէյրասին մաս կազմող 15 տարեկան յառաջապահ` Ֆելիփէ Էնտրիքը: Նշուեցաւ, որ պրազիլցին Փալմէյրասի 17 եւ 19 տարեկանէն վար խումբերուն հետ ցարդ իր կատարած 170 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 167 կոլ, ինչ որ ակումբին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը կը նկատուի: Պրազիլական ակումբներուն համար անոր հրաժարագինը...

Մարսելօ Երեք Մրցումով Կախակայուեցաւ

Մարսելօ Երեք Մրցումով Կախակայուեցաւ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ, որ Էլչէի դէմ կատարուած մրցումին (Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք) կարմիր քարտ մը ստացաւ, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երեք մրցումով կախակայուեցաւ: Ան իր ստացած կարմիր քարտէն դժգոհ մնալով օրուան կեդրոնի իրաւարար Խորխէ Վասքեսին ըսած էր, թէ «դուն շատ վատ ես»: Արքայական ակումբը թէեւ բողոքեց այս որոշումին դէմ, սակայն Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ետդարձ չկատարեց իր...

Չելսիի Խմբապետը Պիտի Տեղափոխուի Պարսելոնա

Չելսիի Խմբապետը Պիտի Տեղափոխուի Պարսելոնա

Լոնտոնեան Չելսիի խմբապետ Սեզար Ասփիլիքուեթա ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պարսելոնայի հետ, այս մասին երէկ յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ յառաջիկայ ամրան ընթացքին Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահը անվճար պիտի տեղափոխուի քաթալոնական կազմ: Անոր պայմանագրութիւնը անգլիական ակումբին հետ վերջ կը գտնէ այս տարեշրջանի աւարտին եւ ան մտադիր չէ իր համագործակցութիւնը շարունակել անոր հետ: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Չելսիի հետ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք Նատալ 6-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականին

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք Նատալ 6-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականին

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ երէկ 6-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը: Կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին ան 6-3, 6-2, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իտալացի Մաթէօ Պերրեթթինիի դէմ` 2 ժամ եւ 56 վայրկեան տեւած ճակատումէ մը ետք: 6-րդ...

Լողարշաւ.  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

Լողարշաւ. Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

Միջազգային մարզական մամուլը,  անդրադառնալով աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, յայտնեց, որ միջազգային լողարշաւի ֆետերասիոնին որոշումով, անոր կայացումը դարձեալ յետաձգուեցաւ: Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար նախորդ տարի, 16 յուլիսէն 1 օգոստոս: Սակայն Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն յետաձգման պատճառով անիկա յետաձգուեցաւ 13-29 մայիս 2022-ին: Սակայն անոր կայացումը այս շաբաթասկիզբին ունեցաւ նոր թուական մը` 2023: Անոր յետաձգումը տեղի կ՛ունենայ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով:  

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Պարտութիւնը. Իրան Ապահովեց Քաթարի Իր Տոմսը

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Պարտութիւնը. Իրան Ապահովեց Քաթարի Իր Տոմսը

Երէկ` հինգշաբթի, 27 յունուարին Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցան 2022-ի Մոնտիալի Գ. հանգրուանի ճակատումները, Բ. խմբակին մէջ: Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ կատարեց իր 7-րդ մրցումը, հիւրընկալելով Հարաւային Քորէան, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն, Սհօ Կիւյէ-Սոնկ նշանակեց մրցակից կազմին եւ մրցումին միակ կոլը: Յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով Իրան ապահովեց Մոնտիալի իր տոմսը` յաղթելով իր հիւրին`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ – Պիպլոս` 115-74

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ – Պիպլոս` 115-74

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 27 յունուարին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ հիւրընկալեց Պիպլոսը: Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին բաւական մեծ յաղթանակով` 115-74 արդիւնքով (22-18, 29-16, 31-19 եւ 33-21): Բացառիկ ելոյթ մը ունենալով` թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Հայկ Կէօքճեան (26 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ): Անոր խմբակից Սերճիօ Տարուիշ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (21 կէտ,...

Նախարար Վահրամ Թումանեան Կոչումներ Շնորհեց Մարզաշխարհի Վաստակաւոր Մարզիչներուն

Նախարար Վահրամ Թումանեան Կոչումներ Շնորհեց Մարզաշխարհի Վաստակաւոր Մարզիչներուն

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան երէկ մարզական կոչումներ շնորհեցին շարք մը անուանի մարզիչ-մանկավարժներուն, այս մասին յայտնեց նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Տարբեր տեսակի կոչումներու արժանացան Արմէն Գրիգորեան, Միխայիլ Աբրահամեան, Աշոտ Վարդապետեան, Բագրան Աւոյեան, Ռոպերթ Պետրոսեան, Աշոտ Աւետիսեան, Ալեքսան Կարապետեան, Գագիկ Գրիգորեան, Ռուսլան Խուդանեան, Տիգրան Գէորգեան, Տիգրան Պօղոսեան, Վահագն Խաչատրեան, Ազատ Անդրեան, Իվան Ազիզբէկեան,...

Էտկար Բաբայեան Վերադարձաւ Դանիա

Էտկար Բաբայեան Վերադարձաւ Դանիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 26 տարեկան միջնապահ Էտկար Բաբայեան դարձեալ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Դանիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան երէկ կէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց դանիական Վեժլէ խումբին հետ, որ ներկայիս ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ: Բաբայեան անցեալին Դանիոյ մէջ հանդէս եկած է 2013-2017 ժամանակամիջոցին, ուր մաս կազմած է Ռանտերսի (2013-2017) եւ Հոպրոնի (2017-2021): Ան...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Աղջկանց Աւարտականի Մրցումը` Պարթիի Եւ Քոլինզի Միջեւ

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Աղջկանց Աւարտականի Մրցումը` Պարթիի Եւ Քոլինզի Միջեւ

Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, աւստրալիացի Էշլէյկ Պարթի եւ ամերիկացի Տանիել Քոլինզ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսը: Անոնք երկուքն ալ հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեցին: Թիւ մէկ դասուած Պարթի 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Մետիսըն Քիզի, մինչ 27-րդ դասուած Քոլինզ, իր կարեւոր յաղթանակը արձանագրեց 7-րդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Աթլաս Ֆըրզոլ-ՀՄԸՄ` 77-61

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աթլաս Ֆըրզոլ-ՀՄԸՄ` 77-61

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Աթլաս Ֆըրզոլ-ՀՄԸՄ հանդիպումը, Անտոնեան վարժարանի դաշտին վրայ (Պաապտա): Մրցումը աւարտեցաւ Աթլասի յաղթանակով` 77-61 արդիւնքով (19-7, 18-7, 18-19 եւ 22-28): Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան, Աթլաս ունեցաւ 27 կէտի առաւելութիւն մը (44-17): ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Էլիօ Սաատ (11 կէտ, 14 ռիպաունտ), մինչ Աթլասէն Պասել Հարֆուշ` 19...

Page 427 of 1280 1 … 426 427 428 … 1,280

Արխիւներ