Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Էմփոլիին, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց անգլիացի Թեմի Ապրահամ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հռոմեան կազմին հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, գլուխով կատարեց երրորդ կոլին էսիսթը:
Մխիթարեան 75-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ: