Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, սպանական Սեւիլլա ֆութպոլի ակումբը համաձայնութեան եկած է Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ` անկէ փոխ առնելու համար ֆրանսացի յառաջապահ Էնթընի Մարթիալին:
Նշուեցաւ, որ պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Սեւիլլա ինք պիտի վճարէ 26 տարեկան ֆութպոլիստին աշխատավարձը:
Ֆրանսացիով հետաքրքրուած էին նաեւ Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Եուվենթուս:
Ան 2015-ին Մոնաքոյէն միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին` փոխան 60 միլիոն եւրոյի: