Անսու Ֆաթի Վերսկսաւ Իր Փորձերուն` Պարսելոնայի Ընդհանուր Խումբին Հետ
Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անսու Ֆաթի, ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, վերսկսաւ իր փորձերուն Չաւիի գլխաւորած ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` աւելցնելով, որ անոր խմբակիցները զինք դիմաւորած են ծափահարութիւններով: 19 տարեկան ֆութպոլիստը ձախ ազդրի վնասուածք ստացած էր նախորդ 20 յունուարին, Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք): Անսու Ֆաթի,...



















