Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անսու Ֆաթի, ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, վերսկսաւ իր փորձերուն Չաւիի գլխաւորած ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` աւելցնելով, որ անոր խմբակիցները զինք դիմաւորած են ծափահարութիւններով:
19 տարեկան ֆութպոլիստը ձախ ազդրի վնասուածք ստացած էր նախորդ 20 յունուարին, Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք):
Անսու Ֆաթի, որ վնասուածքի պատճառով այս տարեշրջանին ֆութպոլի դաշտերէն բացակայեցաւ երկու ամիս, ցարդ իր կազմին հետ կատարեց 10 մրցում, նշանակեց 10 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ: