Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող 32 խումբերէն 27-ը:
Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին ցարդ իրենց տոմսերը. ապահոված են հետեւեալ 27 խումբերը.
ԵՒՐՈՊԱ. Անգլիա, Պելճիքա, Գերմանիա, Դանիա, Սպանիա, Նետերլանտներ, Լեհաստան, Փորթուգալ, Սերպիա, Ֆրանսա, Խրուաթիա եւ Զուիցերիա:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ. Արժանթին, Պրազիլ, Էքուատոր եւ Ուրուկուէյ:
ԱՓՐԻԿԷ. Կանա, Թունուզ, Մարոք, Սենեկալ եւ Քամերուն:
ԱՍԻԱ. Իրան, Սէուտական Արաբիա, Ճափոն, Հարաւային Քորէա եւ Քաթար (իբրեւ մրցաշարքը հիւրընկալող երկիր):
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ. Քանատա:
Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ, 5-րդ դիրքը գրաւող խումբը, փլէյ օֆի մրցում մը ունի կատարելիք Ասիոյ դասաւորման 5-րդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կամ Աւստրալիա)` յաւելեալ տոմսի մը համար:
Այլ տոմս մը պիտի փորձէ ապահովել Հիւսիսային Ամերիկայի 4-րդ դիրքը գրաւողը, երբ մրցի Ովկիանիոյ ներկայացուցիչին դէմ (Նոր Զելանտա կամ Սալոմոն կղզիներ):
Ցարդ յստակ չեն Հիւսիսային Ամերիկայի գօտիէն երկու այլ ներկայացուցիչներուն անունները (Քոսթա Ռիքա, Մեքսիքա կամ Միացեալ Նահանգներ):
Կայ նաեւ տոմս մըն ալ` Եւրոպայի գօտիէն, երբ Սկովտիա-Ուքրանիա մրցումին յաղթականը մրցի Կալեսի դէմ:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 1 ապրիլին, Տոհայի մէջ (Քաթար):
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր:


