Երէկ` երեքշաբթի, 29 մարտին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պասքեթպոլի «Վի-պեթ» գերբաժակի մրցաշարքի Ուրարտու-Էրեբունի հանդիպումը:
Անոնց միջեւ այս մրցումը աւարտեցաւ Ուրարտուի յաղթանակով` 111-105 արդիւնքով (կիսախաղ` 71-50, ի նպաստ Ուրարտուի), որ այսպիսով հանդիսացաւ Հայաստանի գերբաժակակիր:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուրարտուէն Տուէյն Ուայթ (23 կէտ):
Նշենք, որ Ուրարտու վերջին անգամ Հայաստանի պասքեթպոլի գերբաժակակիր հանդիսացած էր 2019-ին: