Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը:
Երեւանի խումբը, որ առաջին մրցումին արձանագրած էր 9-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Արարատ-Արմենիայի դէմ, երկրորդ մրցումին եւս անոր դէմ արձանագրեց յաղթանակ մը, այս անգամ` 6-2 արդիւնքով: