Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի նշանառութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը տիրանալով 10 մետալի (7 ոսկի եւ 3 արծաթ), խմբային դասաւորման մէջ հանդիսացաւ առաջին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի նշանառութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 12 նշանառուով:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն էր Սէյրան Նիկողոսեան, իսկ երկրորդ մարզիչը` Անդրանիկ Այվազեան:
Նշենք, որ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հայաստանի նշանառութեան ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Արեգ Սարիբէկեան: