Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Անդրէասեան (70 քկ) թէեւ հասաւ աւարտական հանգրուանին, սակայն պարտութիւն մը կրելով հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
Ան իր պարտութիւնը կրեց աշխարհի կրկնակի ախոյեան եւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր Զուրաբ Եաքոպիշվիլիէն (Վրաստան)` 2-1 արդիւնքով:
Անդրէասեան, որ 23 տարեկան է, աշխարհի անհատական բաժակի մրցաշարքի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր է: