Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան նախավերջին հանգրուանի մրցումները:
36 տարուան սպասումէ մը ետք, Քանատա յաջողեցաւ ապահովել Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի իր տոմսը` 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Ժամայքայի դէմ:
Անիկա վերջին անգամ Մոնտիալին մասնակցած էր 1986-ին, երբ Արժանթին հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան:
Քանատացիք այժմ 28 կէտով կը գրաւեն խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Երկրորդ տոմսին համար կը պայքարին Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Քոսթա Ռիքա:


