Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պիպլոս մրցումը:
ՀՄԸՄ կրկնեց իր յաղթանակը իր մրցակիցին դէմ (երթ` 102-95)` արձանագրելով 95-87 արդիւնքով յաղթանակ մը (31-20, 23-20, 20-22 եւ 21-25):
Բաւական լաւ ներկայացում մը ունենալով` ՀՄԸՄ-էն Քարիմ Ժատայել նշանակեց 42 կէտ, մինչ անոր խմբակից Էլիօ Սաատ տապըլ տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 17 ռիպաունտ):
Իսկ Պիպլոսէն տապըլ տապըլ մը իրագործեց Ուիլիամ Սաուան (28 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու մրցումներ:
Աթլաս կը մրցի Հուփսի դէմ, իսկ Անիպալ Զահլէ` Տինամոյի դէմ:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 19:30-ին: