Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի 2023-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, նախանցեալ օր Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը մեկնեցաւ Սերպիա, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախքան իր մեկնումը, հայրենի կազմը կատարեց իր վերջին փորձը, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորութեամբ:
Սերպիա-Հայաստան մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 29 մարտ 2022-ին, Պաչքա Թոփոլա քաղաքին մէջ: